2010-11-15 13:37:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը զգուշացնէ նոր սերունդը` համացանցը կարող է կղզիացումի զգացումը յարուցանել եւ շփոթութեան մատնել։


Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովի մասնակցողները ընդունելով, Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ համացանցը անհամար կարելիութիւններ կարող է տալ, սակայն միաժամանակ կարող է կղզիացումի եւ անորոշութեան մատնել նոր սերունդը։ Եկեղեցին պէտք չէ անտարբեր եւ օտար կեցուածք ունենայ յաչս ընկերային հաղորդակցութեանց միջոցներու, այլ պէտք է քայլ պահել արդի հաղորդակցութեան միջոցներու հետ եւ նոր լեզու գտնել նոր սերունդի հետ, որպէս կարենայ անոր բարբառով խօսիլ ու արտայայտուիլ։ Հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը հարկաւոր է զարգացնել մարդկայնացնող հաղորդակցութիւն մը, որ կը խթանէ դատողութիւնը ու կարողութիւնը բնորոշելու այն ինչ որ բարի է կամ ոչ։ Եկեղեցին, որ ունի որպէս առաքելութիւն ազգերու ճանչցնել փրկութեան Աւետարանը, պէտք չէ անհոգ կեցուածք ունենալ արդի հաղորդակցութեան միջոցներու ի տես, ընդհակառակը պէտք է գիտնայ օգտագործել արդի բարբառները։ Արդարեւ Մշակոյթի քահանայապետական եռօրեայ լիանիստ գումարին բնաբանն է. ''հաղորդակցութեան մշակոյթը եւ նոր բարբառները''։
իսկ Կիրակ կէսօրին, Հրեմտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը իր կատարած խորհրդածութեան ընթացքին խնդրեց հողագործութեան վերաժեգաւորումը։ Ի տես ներկայ տնտեսութեան համաշխարհային տագնապին հարկաւոր է, ըսաւ Սրբազան հայրը, հաւասարակշռութիւն մը հաստատել հողագործութեան, ճարտարարուեսի եւ սպասարկութիւններու միջեւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.